2015-01-04 10:46:51

Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Մարիօ Թոզոյի զեկոյցը Ռատիովատիկանի հետ` խաղաղութիւն եւ իրաւունք նիւթերու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի տպագրատունը վերջերս հրապարակած է գերապայծառ Մարիօ Թոզօյի ‘’Վերասեփականացնենք հանրավարութիւնը’’ տիտղոսով հատորը։ Հատորին հրատարակումին առթիւ գերապայծառ Թոզօ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիովատիկանին հետ որուն ընթացքին մեկնաբանելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խաղաղութեան պատգամը կը գրէ. ''ստրկութեան առթի երեւոյթներով մարդկային էակը ջախջախուեցաւ, անոր կը մերժուի ազատութիւնը ու արժանաւորութիւնը, եւ որուն անմիջական հետեւանքով մահացու օրէն կը հարուածուի ընկերութեան կեանքը, որ կը հիմնուի հաւասարութեան ու փոխադարձ ճանաչումին վրայ։
Գերապայծառ Թոզօ խօսելով ապա խաղաղութեան մասին ըսաւ. ''հարկաւոր է ամրապնդել հաւասարակշռութիւնը պետութիւններու եւ հզօր պետութիւններու միջեւ, որովհետեւ կարելի չէ դադար տալ խաղաղութեան կառուցումին գործընթացին ու միաժամանակ հեռացնել պատերազմի կարելիութեան գաղափարը։
Խօսելով անցնող տարւոյն նոր պատերազմներու ու քրիստոնեաներու ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու հալածանքին մասին, գերապայծառ Թոզօ դիտել տուաւ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր խօսքով, նախաձեռնութիւններով ու անձնական հանդիպումներով կ’աշխատի համաձայնութիւն մը կնքել կրօնական մոլեռանդութեան ու ծայրայեղութեան դէմ, պաշտպանելով բոլորին կրօնական ազատութեան իրաւունքը։ Գերապայծառ Թոզօ հուսկ անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բնապահպանութեան նիւթին մասին հրատարակելիք շրջաբերական թուղթին, մատնանշելով որ Սրբազան Հօր բնապահպանութեան շրջաբերական թուղթը ունի լոկ մարդաբանական ու բարոյական դրոշմ։ Նման հարց մը կը ներփակէ բազմազան մշակութային եւ ընկերային հարցեր։ Բնապահպանութիւնը սերտ կապ մըն է մարդկային կեանքի ու բնութեան միջեւ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ‘’Սիրոյ ճշմարտութիւնը’’ շրջաբերական թուղթին մէջ այս հարցը կը շօշափէ հաստատելով որ կարելի չէ բնապահպանութեան հարցը լուծել առանց մարդու պաշտպանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.